2014-06-29 12:09:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։


Կիրակի` 29 յունիս 2014-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով երկու սուրբ առաքեալներու տօնին հաստատեց թէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ անոնց հաւատքը զանոնք դարձուց եղբայրներ ու անոնց մարտիրոսութիւնը զանոնք միացուց։ Պետրոս եւ Պօղոս ընտրուեցան մեր Տէր Յիսուսէն ու համապատասխանեցին Անոր կոչին. Պետրոս` որ Յիսուսը ուրացած էր երեք անգամ. Պօղոս քրիստոնեաները կը հալածէր։ Երկուքը սակայն ընկալեցին Աստուծոյ սէրը, եւ անոր ողորմութեամբ կերպարանափոխուեցան։ Յիսուսի ողորմութիւնն ու սէրը մեզ կը կերպարանափոխէ – ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ ''այսօր եւս Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները մեզի ցոյց կու տան փրկութեան ուղին''։ Պետրոս մեզի կը սորվեցնէ նայիլ աղքատներուն, հաւատքի եւ սիրոյ աչքերով ու անոնց նուիրելու մեզի համար ամենաթանկարժէքը` Յիսուս Քրիստոսի անունին զօրութիւնը։ Մինչ Պօղոս ` փորձարկելէ ետք Յիսուսի հետ հանդիպումը, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Անոր Խօսքին քարոզութեան։
Թող այս տօնը – ըսաւ Քահանայապետը իր խորհրդածութեան աւարտին - մեզի ներշնչէ ուրախութիւն, որովհետեւ մեզ կը դնէ` երկու մեղաւոր մարդոց սրտին մէջ Աստուծոյ ողորմութեան ներգործութեան լոյսին տակ։Ան ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մենք եւս` անոնց նման ունենանք բաց եւ ընկալող սիրտ մը։ Շնորհք մը խնդրուած յատկապէս նոր մետրոպոլիտներուն համար որ այսօր Պալիումը ստացան։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց հրապարակը համախմբուած` աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած հաւատացեալներուն, ու ապա հրաժեշտ առաւ բոլորէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի։
Յայտնենք թէ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչ ուղղեց Իրագի մէջ երկխօսութեան հաստատումին ի խնդիր իր մօտիկութիւնը յայտնելով Իրագի ժողովուրդին։ ''Բռնութիւնը` բռնութիւն կը յառաջացնէ, եւ երկխօսութիւնը խաղաղութեան միակ ճանապարն է'' – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.